Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Ռայի Պատրիարքին Նախաձեռնութեան`. Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը` Յառաջիկայ Աշնան

August 27, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

10553710_739590426111693_6349363602169336149_oՍահմանադրական կարեւորագոյն հանգամանք ներկայացնող նախագահական թափուր աթոռն ու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումի հաւանականութիւնը շարունակեցին առանցքը կազմել երկրին պետական թէ քաղաքական կողմերու եւ ղեկավարներու թեր ու դէմ կեցուածքներուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զգուշացուց երեք ամիսներէ ի վեր նախագահական աթոռի թափուր մնալուն երեւոյթէն` նշելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ ձեռնարկած են քուլիսային հաղորդակցութիւններու` այս հարցին լուծման գծով: Պըրրի նաեւ մերժեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը շաբաթական իր հերթական նիստին աւարտին բուռն կերպով մերժեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հաւանականութիւնը: Ժողովականներուն հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդալով` նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն տակաւին գիտական ու առարկայական արձագանգներու կը սպասէ` նախագահը ժողովուրդին կողմէ ընտրելու իր առաջարկին գծով»: Հաղորդագրութիւնը բարձր գնահատեց արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի քայլը` ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր նման ահաբեկչական խմբաւորումներուն անունները միջազգային դատական ատեան յանձնելու գծով առ ի հետապնդում:

Նախքան այդ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի աղբիւրներ «Ախպար Եաում»-ին կատարած յայտարարութեամբ ընդգծեցին, որ նախագահական ընտրութեան հարցին վճռումը Ռապիէէն կ՛անցնի»:

Դարձեալ ըստ «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութեան, Պքերքէի աղբիւրներ յայտնած են, թէ Ռայի պատրիարք Վատիկանէն վերադարձին նախագահական ընտրութեան գծով նախաձեռնութիւն մը պիտի արձակէ, ուր ան քրիստոնեայ երեսփոխանները պիտի հրաւիրէ տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան, երկրին այս դժուար օրերուն:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց, թէ ինք որեւէ կողմի հետ միջնորդ է նախագահական ընտրութեան հարցին գծով»: Իսկ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շպթինի ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութեանն է, որովհետեւ այս աթոռին թափուր մնալը կը մտահոգէ բոլոր լիբանանցիները: Նախկին նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի հարց տուաւ, թէ «Ի՞նչ է հարցը, եթէ նախագահը ժողովուրդին կողմէ ընտրուի»: Ձայնասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ Քըրթպաուի ընդգծեց, որ «Կը գտնուինք տագնապի մէջ, ու անհրաժեշտ նկատեց սահմանադրութեան փոփոխութիւնը:

Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը լաւատեղեակ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ «Լիբանան պիտի թեւակոխէ դրական հանգրուան մը»` հաւանական նկատելով, որ յառաջիկայ աշնան «ծաղկի» նախագահական ընտրութեան հարցը, յատկապէս որ «գերպետութիւններուն համար ներկայիս Սուրիոյ վարչակարգին կամ Պաշշար Ասատի տապալումը առաջնակարգ հարց չէ, այլ միջազգային շրջանային անպաշտօն «դաշնակցութիւն մը կայ` դէմ դնելու համար ՏԱՀԵՇ-ին, եւ անհրաժեշտ է գործակցիլ Ասատի հետ:

Նմանապէս, լիբանանցի լրագրող-վերլուծաբան Ժորժ Ալամ երէկ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով հաւանական նկատեց դրական քայլերու բացայայտումը` խիստ հաւանական նկատելով նախագահի ընտրութեան կայացումը մօտերս: Ալամ իր լաւատեսութիւնը վերագրեց ու հիմնաւորեց միջազգային եւ յատկապէս շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող դրական զարգացումներուն, ինչպէս` «Իրան-Սէուտական Արաբիա հասկացողութիւն», Կազայի տագնապի մեղմացում եւ այլն:

 

 

 

Նախորդը

Պահանջելով Հըզպալլայի Զինեալներուն Սուրիայէն Հեռացումը` ՏԱՀԵՇ Կրկին Կը Սպառնայ

Յաջորդը

Շրջանային Եւ Տեղական Ապահովական Իրավիճակի Լոյսին Տակ. Դիւանագիտական Եռուզեռ Պետական Թէ Քաղաքական Շրջանակներու Մօտ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.