Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանային Եւ Տեղական Ապահովական Իրավիճակի Լոյսին Տակ. Դիւանագիտական Եռուզեռ Պետական Թէ Քաղաքական Շրջանակներու Մօտ

August 27, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0826_Berri_AmbassadorsՇրջանի` Իրաքի թէ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, յատկապէս` Արսալի ապահովութեան դէպքերուն լոյսին տակ, դիւանագիտական եռուն հաղորդակցութիւններ կայացուեցան երէկ` զօրաշարժի մատնելով պատկան կողմերը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին իր մօտ կանչեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ հինգ պետութեանց դեսպանները` անոնց հետ քննարկելով շրջանի եւ Լիբանանի ապահովական վերջին իրադարձութիւններն ու անոնց հետեւանքը Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին վրայ:

Պըրրի պահանջեց փութացնել լիբանանեան բանակին խոստացուած զինումը թէ զինամթերքի առաքումը, ի հարկին` շրջանցելով ընդունուած աշխատակարգը: Այն Թինէի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ դեսպաններուն եւ Ֆրանսայի ու Չինաստանի դեսպանատան գործավարներուն եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ իր խորհրդակցութեան ընթացքին Պըրրի անոնց պարզեց Լիբանանի սպառնացող վտանգները: Պըրրի զգուշացուց Արսալի դէպքերուն կրկնութենէն եւ անոնց դէպի (լիբանանեան) այլ շրջաններ ծաւալումէն:

zasibԱյս առիթով Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին ու անոր բանակին` նշելով, որ բանակցութիւններու նոր հանգրուան մը սկսած է` սէուտական մէկ միլիառ տոլարի վերջին նուիրատուութեամբ ռուսական զէնքեր գնելու լիբանանեան բանակին: Վերահաստատելով Ռուսիոյ դերը` ահաբեկչութեան դէմ դնելու ճիգերու մերձեցման գծով, դեսպան Զասպիքին պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակն է, որ կը կռուի (ահաբեկիչներուն դէմ):

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ հաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր բանակին` զգուշացնելով, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կը փորձեն երկպառակութիւն եւ քաոսային վիճակ ստեղծել շրջանին մէջ, ինչ որ իր ժխտական հետեւանքը կրնայ ունենալ նաեւ Լիբանանի վրայ:

Նաեւ Ռապիէի Մէջ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին ու Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Հանտին: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի ու Լիբանանի իրավիճակը:

Իր կարգին, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի եւ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի հետ:

Նախորդը

Սպասելով Ռայի Պատրիարքին Նախաձեռնութեան`. Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը` Յառաջիկայ Աշնան

Յաջորդը

Ըստ Թուրքիոյ Փոխվարչապետին. Թուրքիոյ Մէջ 52 Հայկական Եկեղեցի Կայ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.