Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահանջելով Հըզպալլայի Զինեալներուն Սուրիայէն Հեռացումը` ՏԱՀԵՇ Կրկին Կը Սպառնայ

August 27, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0826_daheshՀամացանցային լրատուութեանց համաձայն, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իսլամական պետութիւնը` ՏԱՀԵՇ, սպառնացած է 24 ժամուան ընթացքին լիբանանցի առեւանգեալ զինուոր մը սպաննել` պահանջելով, որ Հըզպալլա միջամուխ չդառնայ առեւանգեալ բանակայիններու ազատ արձակման բանակցութիւններուն եւ տուն կանչէ Սուրիոյ մէջ կռուող իր զինեալները:

Նախքան այդ տեղեկութիւններ շրջեցան, թէ առեւանգեալ զինուորներէն ոմանք (թիւը` անծանօթ) հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած են երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին` իրենց ընտանեկան պարագաներէն պահանջելով որդեգրել ու տարածել ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի պահանջները:

Ապահովական անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, բուռն բախումներ տեղի ունեցած են նշեալ գիշերուան ընթացքին Արսալի մէջ եւ ՏԱՀԵՇ-ի թէ Ժապհաթ Նուսրայի դիմակաւոր զինեալներ տոչքա կրող ճիփով մը Արսալ մուտք գործած են` ահ ու սարսափի մատնելով բնակիչները եւ սպառնալով անոնց` ի նպաստ լիբանանեան բանակին իրենց ցուցաբերած կեցուածքին համար:

Միւս կողմէ, Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան կառավարութեան տեղի չտալու առեւանգողներուն պահանջներուն` առեւանգեալ զինուորներու ապահով տունդարձին համար: «Նաշրա» կայքին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա մօտերս պիտի ցուցադրէ առեւանգեալ զինուորները ընդգրկող ցարդ չյայտնաբերուած տեսերիզ մը:

ՆԱԽԱՊԷՍ ապահովական աղբիւրներ հերքած էին այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ ստանձնած է առեւանգեալներու ազատ արձակման բանակցութիւններու թղթածրարը:

Իր կարգին, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւր մը ընդգծեց, որ բանակցութիւնները տակաւին կ՛ընթանան վարչապետ Սալամի միջոցով:

Նախորդը

Մինչ Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը «Գրաւուած» Կը Յայտարարէ Իր Կեդրոնները`. Սարակները Վերջին Պայմանաժամ Կու Տան Նախարարաց Խորհուրդին

Յաջորդը

Սպասելով Ռայի Պատրիարքին Նախաձեռնութեան`. Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը` Յառաջիկայ Աշնան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.