«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով յունական լրատուական միջոցները, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանի քննարկումներու օրակարգին վրայ դրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրէնքի մը նախագիծը:
Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Հարալամպոս Աթանասիու յայտարարած է, որ «Այլատեացութեան դէմ» օրէնքին մէջ աւելցուած է Պոնտոսի յոյներուն, հայերուն եւ Փոքր Ասիոյ ցեղասպանութիւններուն հերքումը քրէականացնելու վերաբերեալ յօդուած:
«Օրինագիծին վերջնական տարբերակին համաձայն, Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններուն հերքումը յանցագործութիւն կը նկատուի: Բացի անկէ, քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի նաեւ յունական եւ միջազգային դատարաններու վճիռներով ընդունուած ցեղասպանութիւններուն հերքումը», ըսած է յոյն նախարարը:
Նշենք, որ օրինագիծը Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ պիտի քննարկուի 26-27 օգոստոսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական նիստին ընթացքին:


