
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոմեն Նատալ, պատասխանելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Կարէն Պետրոսեանի սպանութեան մասին լրագրողի մը հարցումին` յայտարարած է, որ Ֆրանսա խորապէս ցնցուած է 8 օգոստոսին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած Հայաստանի քաղաքացի Կարէն Պետրոսեանի մահուան մասին տեղեկութիւններով:
«Ֆրանսա կը ցաւակցի Կարէն Պետրոսեանի ընտանիքին: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` արագ կերպով վերադարձնելու անոր մարմինը եւ ամբողջովին լոյս սփռելու անոր մահուան պայմաններուն վրայ», ըսած է ան:


