17- 22 օգոստոսին ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն վրայ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն, նոյն ժամանակամիջոցին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը զինադադարը շուրջ 240 անգամ խախտած է, եւ այդ ընթացքին, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1900 կրակոցներ:
Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծին վրայ 17- 22 օգոստոսին հակառակորդը զինադադարը խախտած Է շուրջ 48 անգամ, տարբեր տրամաչափի զէնքերով հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 300 կրակոց:
Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականին մէջ հաւատարիմ մնացած են զինադադարին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային` վստահօրէն վերահսկելով իրենց պահպանութեան ներքեւ գտնուող դիրքերուն:
Ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի պարբերական խախտումները հերթական անգամ կը վկայեն, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը միտումնաւոր կը դիմէ սադրիչ գործողութիւններու, հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արհեստական լարուածութիւն ստեղծելու նպատակով, կամ` ազրպէյճանական զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տեղակայուած ստորաբաժանումները չեն ենթարկուիր կեդրոնական հրամանատարութեան, զբաղած են ինքնագլուխ գործունէութեամբ եւ հաշուետու չեն հրամանատարութեան` սպառած ռազմամթերքի համար, եթէ, անշուշտ, նման հաշուետուութիւն Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն մէջ ընդհանրապէս կը կատարուի:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ ազրպէյճանական կողմին զերծ մնալու իրավիճակի լարման ուղղուած քայլերէ եւ գործուն միջոցներ ձեռնարկելու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի զինեալ ուժերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակին սահմանագիծին ամբողջ երկայնքին, խստօրէն կը հետեւին զինադադարի դրութեան պահպանման: Հայ զինուորները իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային:


