Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Պաղտատ

August 19, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ եւ Շահրիսթանի
Պասիլ եւ Շահրիսթանի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը այցելեց Իրաք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ:

Պասիլ Ապատին շնորհաւորեց անոր նշանակման առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ Լիբանան-Իրաք գործակցութեան հեռանկարները:

Պաղտատի մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Շահրիսթանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին սպառնացող ահաբեկչութեան դիմադրելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան եւ Իրաք նոյնանման երկիրներ են եւ անոնց ճակատագիրը նոյնն է: «Հետեւաբար Իրաքի կայունութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը կը մնայ այն, ինչ որ է Լիբանանի նկատմամբ, որովհետեւ բոլորս ալ կը գտնուինք նոյն վտանգներուն դիմաց: Այդ վտանգները կը սպառնան բազմազանութեան, եւ երբ բազմազանութիւնը թիրախ կը դառնայ, ապա Լիբանանէն եւ Իրաքէն ոչինչ կը մնայ», ըսաւ Պասիլ:

Ան կոչ ուղղեց Իրաքի կառավարութեան անյապաղ կազմութեան եւ շեշտեց, որ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութիւնը հաստատ է` հարց տալով սակայն, որ արդեօք ՏԱՀԵՇ-եան մտայնութիւնը պիտի գոյատեւէ՞` ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք:

Պասիլ նշեց, որ քրիստոնէութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ վտանգուած է` ընդգծելով, որ Իրաքի քրիստոնէութիւնը քսան տարիէ ի վեր բռնագաղթի կ՛ենթարկուի` հաստատելով միաժամանակ, որ եթէ Իրաքի մէջ քրիստոնէութիւնը վերջանայ, ապա շրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ ալ վերջ պիտի գտնէ:

«Իսկ եթէ բաժանումը կը սպառնայ Իրաքին, ուրեմն անիկա կը սպառնայ արաբական աշխարհին», շեշտեց Պասիլ:

Իր կարգին, Շահրիսթանի կոչ ուղղեց հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող փոքրամասնութիւններուն Իրաքէն չհեռանալու` շեշտելով, որ Իրաքը անոնց երկիրն է:

«Իրաքը պէտք չէ լքել, այլ` հանդուրժել եւ նոր կազմուելիք կառավարութեան հետ գործակցիլ` ազատագրելու համար Իրաքի բռնագրաւուած շրջանները», ըսաւ ան:

Շահրիսթանի ընդգծեց, որ Իրաք պակասաւոր պիտի ըլլայ, եթէ ան պարպուի իր փոքրամասնութիւններէն:

Պասիլ եւ Պարազանի
Պասիլ եւ Պարազանի

Միւս կողմէ, Պասիլ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Էրպիլ, ուր անոնք ունեցան շարք մը հանդիպումներ:

Էրպիլի մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի քրիստոնէական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Պասիլ այցելեց նաեւ Էրպիլի մէջ գտնուող քաղդէացիներուն առաջնորդարանը, ուր  հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապի անձնական ներկայացուցիչ Ֆեռնանտօ Ֆիլլոնիի, Քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ պատրիարքին, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ պապական նուիրակ Ճիորճիօ Լինկուայի հետ:

Պասիլ այցելեց նաեւ առաջնորդարանին մէջ ապաստանած տեղահանուածներուն եւ իմացաւ անոնց կարիքներուն մասին:

Ան նշեց, որ Էրպիլ չ՛այցելեր տեղահանուած քրիստոնեաներուն հետ ողբալու, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը լալու եւ աղերսելու կրօն չէ, այլ` կեանքի եւ յարութեան կրօն:

Պասիլի Պաղտատ այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մեսուտ Պարազանիի հետ կատարուած հանդիպումով:

Քննարկուեցան Իրաքի բազմազանութիւնը պահպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարելիութիւնները` ընդգծելով, որ ահաբեկչութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն եւ ընկերութիւններուն սպառնացող վտանգ է եւ անհրաժեշտ է ջանքերը մէկտեղել` անոր դէմ պայքարելու համար:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

«Եթէ Դատապարտուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 21-րդ Դարուն Նոր Ցեղասպանութիւններ Չէին Ըլլար» Կ՛ըսէ Ռուբէն Մելքոնեան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.