25-30 օգոստոսին Չինաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու 5-րդ ախոյեանութիւն:
Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը, որ կը պատրաստուի այս մրցաշարքին, 20 օգոստոսին կը մեկնի Չինաստան:
Գլխաւորութեամբ սերպ մարզիչ Տեժան Տիտովիչի, Պէյրութի դրամատունը շաբաթական հինգ անգամ փորձեր կը կատարէ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Տըքուանէ, Մար Ռուքոզ), որպէսզի կարելի ըլլայ Չինաստանի մէջ առաւելագոյն արդիւնքը ձեռք ձգել:


