Պայէրն Միւնիխի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ֆրանք Ռիպերի իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ վերջ կը դնէ իր ֆութպոլիստի միջազգային ասպարէզին:
«Քիքըր» մարզաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, 31 տարեկան Ռիպերի ըսաւ. «Նկատեցի, որ ամէնէն յարմար առիթը հիմա է վերջ մը դնելու Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իմ ունեցած ելոյթներուս: Կ՛ուզեմ ժամանակս աւելի տրամադրել ընտանիքիս եւ կեդրոնանալ Պայէրն Միւնիխի հետ իմ կատարելիք մրցումներուս վրայ: Բացի անոնցմէ, կ՛ուզեմ, որ աւելի երիտասարդ մարզիկներ մաս կազմեն խումբին»:
2006-էն ի վեր Ֆրանսայի մաս կազմած Ռիպերի 80 մրցումի ընթացքին նշանակած է 16 կոլ:


