Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 14, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Ժետտա` այդտեղ քննարկելու համար լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարի յատկացումը բանակին կարիքներուն ծառայեցնելու մեքանիզմը գործադրելու կարելիութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` աւելցնելով սակայն, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի չըլլայ կատարել, ապա իրենք այդ իմաստով ոչ մէկ արգելք ունին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ համախմբումին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մակարդակով կը կատարուի` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը հետզհետէ կ՛ամրապնդուի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Ծոցի կարգ մը երկիրներ հրաժարած են լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն եւ կառոյցներուն տրամադրած իրենց զօրակցութենէն, ինչ որ յուսախաբութիւն յառաջացուցած է այդ կառոյցներուն պետերուն մօտ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը զինելու բազմաթիւ համաձայնագիրներ կան, որոնք սակայն մինչեւ օրս անծանօթ պատճառներով խոչընդոտուած են:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապը տակաւին շատ երկար պիտի տեւէ:

ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ շէյխ Սամիհ Իզզէտտին յայտնեց, որ բանակի զինուորներն ու ներքին ապահովութեան ուժերու անդամները գերեվարող զինեալներուն հետ բանակցութիւնները դրական են` աւելցնելով, որ գերեվարուած զինուորները ողջ առողջ են:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ ողջունեց լիբանանեան բանակը եւ մաղթեց, որ անոր զինումը իրականանայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին թափած արիւնը Լիբանանը պաշտպանած է այն սադրանքներէն, որոնք կը նախապատրաստուին հաւատադրժողականներուն կողմէ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախարարական կարգ մը աղբիւրներ յայտնած են, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը մօտիկ ապագային իրականութիւն պիտի դառնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն պարագային իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքին թուլամորթութիւնը ծնունդ տուած է ՏԱՀԵՇ-ին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենք անցեալին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դէմ քուէարկած են` շեշտելով, որ իրենք դարձեալ այդ երկարաձգումին դէմ պիտի քուէարկեն:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կարելի է իրականութիւն նկատել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ հաստատեց, որ Արսալի մէջ պատահածը բանակին դէմ մեծագոյն ոճիրը կը նկատուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին հերոսութիւնը ձախողեցուցած է Արսալի դաւադրութիւնը, հակառակ քաղաքական բոլոր ճնշումներուն:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Համաձայնած Են Սուրիոյ Եւ Իրաքին Մարդասիրական Օգնութիւն Յատկացնելու Հարցին Մէջ Համագործակցելու

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Շնորհաւորեց Հանրապետութեան Միւֆթին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.