
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ այցելեց հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն շնորհաւորեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ շէյխ Տըրիանի ընտրութիւնը սիւննի համայնքին միասնականութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան կը նպաստէ:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են հանրապետութեան միւֆթիին հետ մնայուն կերպով գործակցելու:


