Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Համաձայնած Են Սուրիոյ Եւ Իրաքին Մարդասիրական Օգնութիւն Յատկացնելու Հարցին Մէջ Համագործակցելու

August 14, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0813_Obama-ErdoganԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 12 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ եւ Իրաքի բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնելու հարցին մէջ համագործակցելու:

Սպիտակ տունը յայտնած է, որ Օպամա հեռաձայնած է Էրտողանին` «երկրի նախագահ ընտրուելուն առիթով շնորհաւորելու համար»: Օպամա նշած է, որ Էրտողան, որ առաջին ժողովրդային քուէարկութեամբ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած է, «պատմական կարելիութիւն ունի Թուրքիոյ հետագայ զարգացման համար»:

«Նախագահը եւ վարչապետը նշած են երկու երկիրներու համագործակցութեան կարելիութիւնը Սուրիոյ, Իրաքի եւ ահաբեկչական սպառնալիքին դիմադրելու հարցին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց. «Ֆրանսա յառաջիկայ ժամերուն Իրաքի քիւրտերուն զէնք պիտի մատակարարէ ՏԱՀԵՇ-ը դիմակայելու համար իրենց խնդրանքին հիմամբ»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն հիւսիսային Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ պաշարուած քաղաքայիններուն «անմիջական» տեղափոխման ընտրանքը կը սերտէ: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջան ուղարկեց 100-էն աւելի յաւելեալ զինուորական խորհրդատուներ:

Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու խորհրդաժողովը իր կարգին կոչ ուղղեց Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն ու եզիտիներուն օժանդակելու համար «ուժի կիրարկման»: Խորհրդաժողովի բանբեր Պեռնար Պոտվեն պատասխանելով այն հարցումին, որ նշեալ փոքրամասնութիւնները ցեղասպանութեա՞ն կ՛ենթարկուին, ըսաւ. «Այո՛, հաստատ»: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան քայլերը «բաւարար չեն»:

ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի դէտ Սիլվանօ Թոմասի եպիսկոպոսը իր կարգին «Վատիկանի ձայնասփիւռ»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ մարդասիրական աղէտին վերջ տալու համար «ահաբեկիչներուն դէմ զինուորական միջամտութիւն մը կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ»:

Միւս կողմէ, Իրաքի նախկին վարչապետ Նուրի Մալիքի բոլորին կոչ ուղղեց` երկրին գերագոյն դատարանի որոշումը ընդունելու` նշելով, որ Հայտար Ապատիի վարչապետ նշանակումը «(սահմանադրական) վտանգաւոր խախտում մը կը նկատուի եւ անարժէք է»:

 

Նախորդը

Խամենէի. «Ամերիկայի Հետ Բանակցիլը Մեզի Օգուտ Չի Բերեր, Այլ Կը Վնասէ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.