Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկխօսութիւնը Լուծումներու Յանգելու Միակ Միջոցն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

August 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Սալամ Ասիրին կը պարգեւատրէ յուշանուէրով մը
Վարչապետ Սալամ Ասիրին կը պարգեւատրէ յուշանուէրով մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ մեծարեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին` Լիբանանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:

Սալամ վերահաստատեց Արսալի դէպքերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ տիրած ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը, որուն պատճառով կարելի եղաւ վերջ տալ այդ դէպքերուն: Ան հաստատեց, որ երկխօսութիւնը լուծումներու յանգելու միակ միջոցն է:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ այս շրջագիծին մէջ անկարելի է մոռնալ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կատարած օժանդակութիւնը Լիբանանին եւ անոր բանակին:

«Թագաւորական այս նպաստը կ՛ապացուցէ, թէ Ռիատ շահագրգռուած է միայն Լիբանանով, լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն հզօրացումով եւ երկրին ապահովական կայունութեամբ», ըսաւ Սալամ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Մեկնումի պահուն Ժեմայէլ շեշտեց, որ միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանանը պաշտօնապէս ներկայացնողը երկրին կառավարութիւնն է եւ անհրաժեշտ է Լիբանանի անունով միջազգային օժանդակութիւն խնդրել` ապահովական, քաղաքական թէ տնտեսական առումով: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի փրկութիւնը միջազգային պատասխանատուութիւն է:

Նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժեմայէլ ըսաւ, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւն կայ` աւելցնելով, որ պէտք է մինչեւ հոկտեմբեր ամիսը ընտրել հանրապետութեան նախագահը:

«Նախագահական ընտրութեան իմաստով դրական նշոյլներ սկսած ենք նշմարել», ըսաւ ան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի եւ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը:

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ Ազգային Եւ Սահմանադրական Հարցերը Առեւտուրի Առարկայի Վերածել

Յաջորդը

Նախագահի Ընտրութեան Խորհրդարանի Ժ. Նիստը Եւս Կը Ձախողի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.