Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահի Ընտրութեան Խորհրդարանի Ժ. Նիստը Եւս Կը Ձախողի

August 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երեսփոխաններ իրարու հետ կը զրուցեն
Երեսփոխաններ իրարու հետ կը զրուցեն

Երէկ կէսօրին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան Ժ. նիստը, որ դարձաւ նախկին նիստերուն մէկ տարբերակը, այլ խօսքով` ձախողեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարել երեսփոխաններու օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով, նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 2 սեպտեմբեր 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Անհրաժեշտ է նշել սակայն, որ երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշ երէկ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին առաջարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եւ եօթը ամիսով երկարաձգել:

Ֆաթթուշ շեշտեց, որ տակաւին Լիբանանի մէջ կը տիրեն ապահովական աննպաստ պայմաններ, որոնք առկայ են եւ արգելք կը հանդիսանան երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու առումով, նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնները միօրեայ ըլլան:

Ան ընդգծեց, որ ընտրութիւններուն պարագային, երեսփոխաններն ու ընտրութեան իրենց թեկնածութիւնը առաջադրող անձնաւորութիւնները կրնան քուէարկութեան կեդրոնները շրջելու առիթ չունենալ:

«Երկրին մէջ տիրող արտակարգ պայմանները ծնունդ կու տան արտակարգ օրէնքներու, որոնք կը գերազանցեն սահմանադրական օրէնքները», ըսաւ ան եւ ներկայացուց իր մշակած օրինագիծը:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ ոչ ոք կը փափաքի խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել` աւելցնելով, որ իրենց համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է, «սակայն եթէ կարելի չըլլայ նախագահ ընտրել, ապա երկարաձգումին այլընտրանք չունինք», ըսաւ Սինիորա:

Ժահժահ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին
Ժահժահ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ Մեհրապէն կը հետեւէր նախագահական ընտրութեան նիստին մանրամասնութիւններուն, ն որ նիստի թուականի մը ճշդուելէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կ՛արգելակուի քաղաքական նոյն ուժին կողմէ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ անյապաղ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կեցուածքին, ինչպէս նաեւ կը մերժէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ իր ղեկավարին` երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան կառչածութիւնը, որ կը խոչընդոտէ այլ թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան գոյացումը:

Նախորդը

«Երկխօսութիւնը Լուծումներու Յանգելու Միակ Միջոցն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Հրկիզուող Անիւներով Փակեցին Փողոցները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.