Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ Ազգային Եւ Սահմանադրական Հարցերը Առեւտուրի Առարկայի Վերածել

August 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իպրահիմ Քանաան
Իպրահիմ Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հարց տուաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտելու յանցանքով մեզի ամբաստանող քաղաքական կողմը արդեօք իրաւունք ունի՞ ամբաստանութիւն ուղղելու մեր հասցէին, երբ ինք խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած է:

Ան աւելցուց, որ իրենք ունին շարք մը հարցումներ, որոնց մէջ կ՛իյնայ այն, թէ ո՛վ է պատասխանատուն Արսալէն զինեալներուն հեռանալուն եւ ո՞ւր են գերեվարուած զինուորները:

Քանաան վերահաստատեց, որ նախապէս իրենք զգուշացուցած են ահաբեկիչներուն հետ բանակցելէ եւ ընդգծած, որ նման քայլ մը կ՛ենթադրէ ՏԱՀԵՇ-ին զօրակցիլ:

Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահութիւնը կուսակցական շահերէ դուրս բերելու եւ ուղղակի ժողովրդային քուէարկութեամբ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

Քանաան հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչո՞ւ արտօնուած է խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, իսկ քրիստոնեաներուն շահերուն համար սահմանադրութիւնը կարելի չէ բարեփոխել:

«Այս թղթածրարին առումով մեր կեցուածքը յստակ է, եւ բոլորէն կը պահանջենք ստանձնել իրենց պատասխանատուութիւնը եւ յարգել օրէնքները», ըսաւ ան:

Քանաան կոչ ուղղեց բոլորին` սկսելով Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդէն, հասնելով մինչեւ երեսփոխանական պլոքները, որպէսզի յանգին բոլորին շահերուն ծառայող լուծումի մը:

 

 

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Արսալի Դէպքերուն Ընթացքին Անյայտ Կորսուած Զինուորներուն Ընտանիքները

Յաջորդը

«Երկխօսութիւնը Լուծումներու Յանգելու Միակ Միջոցն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.