
«Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կ’առաջարկէ Կազայի մէջ մէկ շաբաթ տեւող զինադադարի հաստատման երկու հանգրուաններէ բաղկացած առաջարկ մը, սակայն գոյութիւն ունին առկախ հարցեր, որոնք համաձայնութեան գոյացումը կը խանգարեն:
Ըստ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին, կ’առաջարկուի, որ առնչակից կողմերը քանի մը օրուան համար կը դադրեցնեն փոխադարձ յարձակումները, սակայն իսրայէլեան բանակը փապուղիներու հարցը լուծելու իրաւունքը կը պահէ, իսկ Համաս եգիպտական ղեկավարութեան հետ կը բանակցի իսրայէլեան արշաւէն ետք իրեն տրուելիք դիւրութիւններուն շուրջ:
Պաղեստինեան աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Համաս սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնած է մարդասիրական նպատակներով զինադադար հաստատելուն, սակայն այլ պահանջներու վերաբերեալ երաշխիքներ պահանջած է:
Սակայն Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը երէկ մերժեց Քերրիի առաջարկը: Քերրի երէկ գիշեր կոչ ուղղեց հաստատելու եօթնօրեայ զինադադար մը, որմէ ետք աշխատանք պիտի տարուի երկարատեւ զինադադար հաստատել: Ան ըսաւ, որ Նեթանիահու յանձնառու է յառաջիկայ օրերուն ժամանակաւոր զինադադարի հաստատման: Նշենք, որ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ իր կարգին առաջարկեց մինչեւ Ֆիթրի տօնին աւարտը մարդասիրական զինադադար հաստատել:
Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակը երէկ խոստովանեցաւ, որ իր զինուորներէն մէկը սպաննուած է` ինչ որ իսրայէլեան բանակին զոհերուն թիւը բարձրացուց 33¬ի: Երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումները երէկ եւս շարունակուեցան, իսկ Սարայա Քուտս խմբաւորումը յայտարարեց, որ «Պարաք 70» տիպի հրթիռով հարուածած է Թել Աւիւի հարաւը գտնուող «Ցորաք» հիւլէական կայանը:


