ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի տուեալները, կը հաղորդէ, որ 2004-2012-ին ընթացքին Ազրպէյճան 153 մարտական հրասայլ գնած է Պիելոռուսիայէն:
Պիելոռուսիան նաեւ «Թի-72» հրասայլի տարբեր բարեփոխումներ վաճառած է Ազրպէյճանին: Ատկէ բացի, զեկուցուող տարուան համար Ազրպէյճան 120 «Տի-30» հրազէն գնած է, 12 «2Էս7 Փիոն» թնդանօթ, 60 «Պի.Թի.Առ.-70» զրահապատ փոխադրիչներ եւ 11 «Սու-25» օդանաւ:
Զեկուցումին մէջ նշուած չեն «Պուք-Էմ.Պի.» հրթիռային համակարգերը, որոնք ձեռք բերուած են Պիելոռուսիայէն եւ ցուցադրուած 2013-ին Պաքուի զինուորական տողանցքին ընթացքին:


