Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հրէական Քոնկրեսը Էրտողանին Իր Տուած Մրցանակը Ետ Կը Պահանջէ

July 26, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռոզըն եւ Էրտողան
Ռոզըն եւ Էրտողան

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու առաջնակարգ հրէական կազմակերպութիւններէն` Ամերիկայի հրէական քոնկրեսը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջեց վերադարձնել 2004-ին կազմակերպութեան կողմէ իրեն տրուած մրցանակը:

Կազմակերպութեան նախագահ Ժաք Ռոզըն Էրտողանին յղուած 23 յուլիս թուակիր իր նամակին մէջ կը գրէ. «2004-ին Ամերիկայի հրէական քոնկրեսը ձեզի յանձնեց իր արժէքաւոր «Քաջութեան դիմագիծ» մրցանակը` գնահատելով ձեզ իբրեւ անհատ եւ միջազգային ղեկավար` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ձեր կեցուածքներուն եւ իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղ լուծումի ապահովման ձեր աշխատանքին, արմատականութեան մերժումին եւ Թուրքիոյ մէջ հրեայ քաղաքացիները պաշտպանելու նկատմամբ ձեր ամուր յանձնառութեան համար: Եւ հիմա զայն ետ կ՛ուզենք»:

Նամակը կը թուէ Էրտողանի կողմէ Կազայի վերջին ճգնաժամին վերաբերեալ արտայայտութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ իսրայէլեան դիւանագիտական առաքելութեանց դէմ վերջերս կատարուած ցոյցերը:

«Նշեալ պարգեւը ձեզի յանձնելէն տասնամեակ մը ետք դարձած էք աշխարհի ամէնէն թունալից հակաիսրայէլ ղեկավարը` քաղաքական շահու համար կատարելով վտանգաւոր հռետորաբանութիւն եւ թուրք բնակչութիւնը դրդելով հրեայ ժողովուրդին դէմ բռնարարքներու», կը գրէ Ռոզըն` աւելցնելով. «Ձեր ներկայ կեցուածքները, ինչպէս  լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած էին, զզուելի են եւ հրեաներուն դէմ ձեր բանաւոր յարձակումները հարցականի տակ կ՛առնեն այն ամէնը, որոնց հիման վրայ ձեզ պատուեցինք»:

17 յուլիսին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Էրտողանէն պահանջած էր նշեալ մրցանակը վերադարձնել: Պատասխանելով այդ մասին հարցումի մը` Էրտողան 20 յուլիսին յայտնեց, որ այդ մրցանակը իրեն տրուած է վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն «սկզբնական օրերուն»:

«Իսրայէլի հետ մեր յարաբերութիւնները օրին այսօրուան նման չէին… Այդ մետալները իբրեւ կաշա՞ռք եւ լո՞ւռ մնալու համար ընդունեցինք: Ներկայիս Կազայի մէջ կատարուող ջարդերուն դէմ արտայայտուող ամէնէն ուժեղ ձայնն եմ», ըսած էր Էրտողան:

Թուրքիոյ հրեայ համայնքը Ամերիկայի հրէական քոնկրեսին կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու իր պահանջը:

 

Նախորդը

Տահեշ Մուսուլի Մէջ Կ՛ականահարէ Յովնան Մարգարէի Գերեզմանը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Մերժեց Քերրիի Զինադադարի Առաջարկը. Քերրի Եօթնօրեայ Ժամանակաւոր Զինադադար Մը Կ’առաջարկէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.