ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին յղած բողոքի իր նամակին մէջ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմը եւ պահանջեց անմիջապէս զինադադար հաստատել:
Սինիորա միջազգային ընտանիքը պատասխանատու նկատեց իսրայէլեան բռնարարքներուն` նկատել տալով, որ միջազգային բանաձեւերը չգործադրելու պարագային պաղեստինեան աղէտը պիտի կրկնուի:
«Միջազգային հաստատութիւններն ու միջազգային ընտանիքը բարոյական պատասխանատուութիւն ունին ստանձնելիք, որովհետեւ անոնք անկարող են Կազայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն եւ բռնաճնշումներուն վերջ տալու», ըսաւ ան:
Սինիորա հաստատեց, որ Պաղեստինեան դատին վերաբերող միջազգային բանաձեւերը չգործադրելով եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները չպաշտպանելով, մարդկային այս աղէտը պիտի կրկնուի եւ ծայրայեղութիւնը պիտի ամրապնդուի` խորացնելով ամբողջ աշխարհին մէջ առկայ ապակայունութիւնը:


