Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն լիբանանցի եւ սուրիացի զինեալներ կրակ բացած են Արսալի Ուատի Հմէյտ շրջանին մէջ գտնուող բանակի անցարգելին վրայ:
Կրակոցներուն պատճառով զինեալներուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցաւ վիրաւոր մը:
Բանակը հաղորդեց նաեւ, որ անծանօթներ «Փիք ափ» տիպի ինքնաշարժով մը կրակոցի թիրախ դարձուցած են Լապուէի քաղաքապետ Ռամեզ Ամհազը եւ փախուստ տուած:


