
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը արժէքաւոր է` աւելցնելով, որ անիկա ճամբու քարտէս մըն է, որ կ՛առաջնորդէ նախագահական ընտրութեան:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Մարուան Շարպելը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ քննարկուած են Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի իրադարձութիւններն ու Պաալպեքի մէջ տիրող իրավիճակը:
Շարպել դիտել տուաւ, որ Ռայի պատրիարքը կը հսկէ, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանուի` աւելցնելով, որ ինք նախանձախնդիր է նախագահական ընտրութիւն կատարելու ամէնէն մօտիկ ապագային:
Պատասխանելով ՏԱՀԵՇ-ի մասին հարցումի մը` Շարպել յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ը սիւննի չափաւորականին դէմ է, նախքան քրիստոնեային դէմ ըլլալը:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ղոսըն մաղթեց, որ բոլոր ղեկավարները ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:
Տիմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Միխայել Տահերը, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանի երկարաձգումը սահմանադրութեան խախտում կը նկատուի:
Ան կոչ ուղղեց մշակելու եւ վաւերացնելու ընտրական արդի օրէնք մը:


