Ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ քաղաքական տարակարծութիւններ չկան, այլ` կան շինծու տարակարծութիւններ, որոնք ի վերջոյ պիտի փարատին:
Տըրպաս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ձգձգելու առումով ինք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մօտ ընդվզում շօշափած է:
Ան աւելցուց, որ Ռայի շեշտած է, թէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը Լիբանանի փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու երաշխիքն է:


