Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Շեպաայէն հրթիռարձակում կատարուած է, սակայն հրթիռները ինկած են լիբանանեան հողերուն մէջ:
Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Պաալպեքի, Հերմելի եւ Ռայեաքի վերեւ թռիչքներ գործած է` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:
Նշենք, որ բանակը Շեպաայի հարաւային շրջանները խուզարկած է եւ փնտռած Քաթիուշայի մարտկոցներ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ զետեղուած սեւ դրօշները վերացուց եւ անոնց փոխարէն զետեղեց լիբանանեան դրօշներ:


