
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընթացաւարտ հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա եւ նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթելանօ երէկ այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Այն Թինէի հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ երեսփոխան Ալի Պեզզի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ տիրող կացութիւնը:
Զօր. Սերրա եւ զօր. Փորթելանօ այցելեցին նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ընդհանուր ապահովութեան եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Երկու զօրավարները այցելեցին նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Զօրավարներ Սերրա եւ Փորթելանօ այցելեցին Եարզէ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:


