
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Զօր. Աուն ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդին կողմէ մղուած գոյատեւման պայքարը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան պատերազմին եւ բռնարարքներուն դիմադրող պաղեստինեան դիմադրութիւնը` միջազգային լռութեան եւ արաբական ամօթին զուգահեռ:
Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կատարածը կարելի է նկատել ցեղասպանութիւն, որուն նպատակն է պաղեստինեան գոյութեան վերջ տալ եւ հաստատել Իսրայէլեան հրեայ պետութիւնը:
Իրաքի եւ յատկապէս Մուսուլի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին զօր. Աուն ըսաւ, որ անոնք կրօնական մաքրագործում են:
«Այս արարքը մարդկութեան դէմ գործուող ոճիր է, որ կը կատարուի արաբական լռութեան ներքեւ, մինչ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը եւ ինքնութեան պահպանումը վտանգուած է», նշեց զօր. Աուն:
Զօր. Աուն ջրեց բոլոր այն մտահոգութիւնները, թէ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը հարուած պիտի ստանայ` աւելցնելով, որ իրենց նպատակը բարեկարգումն է եւ ոչ թէ հանրապետութեան նոր նախագահին ինքնութիւնը:
Անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան` զօր. Աուն շեշտեց, որ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը իրենց նախաձեռնութեան դէմ չէ եղած, այլ` զուգահեռ նախաձեռնութիւն մը, որ Հարիրիի տեսակէտը կը ներկայացնէ:
«Մենք համոզուած ենք, որ մեր նախաձեռնութիւնը այս կամ այն կողմին դէմ ուղղուած չէ, եւ ոչ ոքի պատասխանելու տրամադրութեան մէջ ենք», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն ըսաւ, որ Հարիրի կ՛ըսէ, թէ անհրաժեշտ է նախ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել, «իսկ ես կ՛ըսեմ, թէ նախ երեսփոխանական ընտրութիւն պէտք է կատարել, որպէսզի նոր խորհրդարանը ընտրէ իր նախագահը եւ ապա գումարէ նախագահական ընտրութեան նիստ մը եւ ընտրէ երկրին հանրապետութեան նախագահը: Սահմանադրական առումով ոչ մէկ հարց կայ նախագահական թէ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու առումով», եզրափակեց զօր. Աուն:


