Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կազայի Մէջ Որեւէ Զինադադարի Շրջագիծը Եգիպտական Նախաձեռնութիւնն Է» Ըսաւ Քերրի

July 23, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22-07GazaՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Գահիրէի մէջ իր եգիպտացի պաշտօնակից Սամեհ Շուքրիի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Կազայի մէջ «Իսրայէլի եւ Համաս շարժումին միջեւ որեւէ զինադադարի շրջագիծը եգիպտական նախաձեռնութիւնն է»` աւելցնելով, որ ինք Միացեալ Նահանգներու նախագահի ցուցմունքին հիմամբ Եգիպտոս կը գտնուի, այդ նախաձեռնութեան հիմամբ զինադադարի համաձայնութեան մը հասնելու համար:

Քերրի դարձեալ նշեց, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու եւ Համասը ամբաստանեց հրթիռարձակում կատարելու եւ իսրայէլացիներ առեւանգելու ու սպաննելու համար փապուղիները օգտագործելու համար:

Ան վերահաստատեց, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ Կազայի 47 միլիոն տոլարի յատկացման:

«Մայատին» հաղորդեց, որ Գահիրէի մէջ զինադադարի համաձայնութեան մը շուրջ բանակցութեանց ձախողութենէն ետք Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Սէուտական Արաբիա իր այցելութիւնը ջնջելով վերադարձած է Ռամալլա:

Մինչ այդ, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը 16-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ, որուն պատճառով նշեալ շրջանին մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 626-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 3752-ի:

Իսրայէլ առաւօտեան ժամերուն 15 բնակարաններ քանդեց եւ անոր հրասայլերը Էրեցի սահմանային անցակէտէն յառաջացան Կազայի մէջ, ինչ որ շրջանի կարգ մը բնակիչները մղեց գաղթելու:

Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին ռմբակոծեց Ռաֆահի Ֆարուք մզկիթը, որ նուազ քան երկու ժամուան մէջ ռմբակոծումի ենթարկուած երրորդ մզկիթն էր, իսկ իսրայէլեան հրետանին Խան Եունեսի արեւելքը ռմբակոծեց հիւանդատար մեքենաները:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը ընդունեց, որ Շուժահիյա շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին կորսուած է իր զինուորներէն մէկը` 21-ամեայ Արոն Շաուլ, որ անդամ է «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերուն, եւ անոր զինակիցներէն 6-ը սպաննուած են:

Քասսամի փաղանգները երկու օր առաջ յայտարարած էին, որ իսրայէլացի զինուոր մը գերի բռնած են:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Էրտողանի Պոռթկումները Կը Վնասեն Աշխարհի Վրայ Թուրքիոյ Դիրքին»

Յաջորդը

Ռուսիա Կը Վաւերացնէ Եւրասիական Միութեան Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.