
Ուաշինկթըն դարձեալ քննադատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը Ատոլֆ Հիթլերի հետ բաղդատելուն համար` յայտնելով, որ այդպիսի խօսքեր «աշխարհի վրայ Թուրքիոյ դիրքին կը վնասեն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Մարի Հարֆ, անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքիի խօսքերուն, ըսաւ. «Մենք անկասկած կը հաւատանք, որ այսպիսի խօսքեր կ՛ականահարեն կացութեան վրայ ազդու կերպով ազդելու Թուրքիոյ կարելիութիւնը: Ամբողջովին համաձայն եմ այն ինչին որ Ճենը ըսաւ, թէ որքան վիրաւորական եւ ահաւոր էին այդ խօսքերը, եւ անկեղծօրէն անոնք կը վնասեն աշխարհի վրայ Թուրքիոյ դիրքին»:
Ան խօսքը Էրտողանին ուղղելով ըսաւ. «Դուք Համասի մօտ ձեր ազդեցութիւնը կրնաք օգտագործել, առանց ահաւորապէս վիրաւորական բաներ ըսելու»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ թուրքերը իբրեւ շրջանին մէջ հաւաստի զրուցակից իրենց լաւ դիրքը կորսնցուցի՞ն, Հարֆ ըսաւ. «Բացարձակապէս ոչ»: Ան հերքեց, որ Թուրքիան հեռու կը պահուի Կազայի մէջ հրադադարի հարցին շուրջ Եգիպտոսի ղեկավարութեամբ ընթացող բանակցութիւններէն: «Արտաքին գործոց նախարարը (Ճոն Քերրի. «Ա.») այս հարցով կապի մէջ կը մնայ շրջանին մէջ մեր բոլոր գործընկերներուն հետ», յայտնեց Հարֆ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այն անձնաւորութիւններէն է, որուն հետ Քերրի վերջերս այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է:
«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ սերտ դաշնակից մըն է: Միասնաբար կ՛աշխատինք շարք մը հարցերու վրայ: Երբ տարակարծութիւններ ունենանք, մենք նաեւ այդ մէկը յստակ կը դարձնենք», ըսաւ Հարֆ:
Սակայն Էրտողան խոստովանեցաւ, որ Օպամայի հետ հաղորդակցութիւնը լարուած է: «Անցեալին ուղղակի կերպով իրեն կը հեռաձայնէի: Սակայն որովհետեւ Սուրիոյ վերաբերեալ սպասուած արդիւնքները չեմ կրնար ստանալ, մեր արտաքին գործոց նախարարները ներկայիս իրարու հետ կը խօսին: Եւ խօսած եմ Պայտընի հետ (փոխնախագահ. «Ա.»): Ան ինծի կը հեռաձայնէ, ես ալ իրեն: Այս հոլովոյթին մէջ արդարութիւն կը սպասեմ: Արդարութեան համար աշխատանք թափողներէն այսպիսի բան մը չէի կրնար երեւակայել», պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Օպամայի հետ տարակարծութեան մէ՞ջ է, Էրտողան յայտնեց. «Անկեղծ ըլլալու համար, դժբախտաբար, մենք Իրաքի մասին Պայտընի հետ կը խօսինք: Մեր նախագահէն (Ապտիւլլա Կիւլ. «Ա.») կը խնդրենք Օպամային հեռաձայնել եւ հարցը ուղղակիօրէն անոր հետ քննարկել»:


