«Ռոսսիյսքայա կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիան կը վաւերացնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան համաձայնագիրը:
Ռուսիոյ կառավարութեան օրէնքներու նախագիծերու հարցերով յանձնախումբը համաձայնութեան արժանացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը:
Ըստ այնմ, համագործակցութիւնը կարելի պիտի ըլլայ անդամ երկիրներու շուկաներուն միջեւ, որովհետեւ այս ձեւով պիտի սկսի խոչընդոտներու նուազեցումը:
Այս տարուան 29 մայիսին Ասթանայի մէջ ստորագրուած էր համապատասխան համաձայնագիրը` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միջեւ: Փաստաթուղթի ուժի մէջ մտնելը պիտի ապահովէ, որ ատիկա գործելու սկսի արդէն 2015-էն սկսեալ:


