Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Մէջ. Մինչ Բախումները Կը Շարունակուին, Զոհերուն Թիւերն Ու Աւերի Տարողութիւնը Կը Շարունակեն Աւելնալ

July 22, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21-07GazaԻսրայէլ երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը եւ հրետանիով ռմբակոծեց Կազայի տարբեր շրջաններ, ներառեալ` Աքսա հիւանդանոցը, ուր արձանագրուեցաւ 4 զոհ եւ 15 վիրաւոր:

Երէկ յարձակումին պատճառով Կազայի մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 510-ի, իսկ վիրաւորներունը` 3200-ի:

Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան ուժերը Շուժահիյա շրջանին մէջ սպանդ մը գործած էին` սպաննելով աւելի քան 70 քաղաքայիններ, ներառեալ` կիներ եւ մանուկներ: Լրատուամիջոցներ Շուժահիյան նմանցուցին Սապրայի ու Շաթիլայի:

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Իսրայէլ Կազայի դէմ տարօրինակ եւ միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր կ՛օգտագործէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Շուժահիյա թաղամասին դէմ իսրայէլեան յարձակումը` նշելով, որ այդ թաղամասը «մեզի համար պատմական նշանակութիւն ունի»: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը Իսրայէլի կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու «պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր յարձակումները» եւ կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու` աւելցնելով, որ Թուրքիա շարունակ ջանք կը թափէ բախումներու դադրեցման եւ խաղաղութեան վերականգնման վրայ:

Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ երէկ արշալոյսին իսրայէլեան ուժերու գիծին ետին ցամաքահանում մը կատարած են եւ բուռն բախում մը ունեցած անոնց հետ, ինչ որ իսրայէլեան բանակը ստիպեց ընդունելու իր կարգ մը կորուստները: Քասսամի փաղանգները նաեւ  յայտարարեցին, որ գործողութիւնը կատարած են մասնայատուկ ուժերու 12 անդամներ, որոնցմէ 10-ն զոհուած է եւ 2-ը ապահով կերպով վերադարձած իրենց դիրքը:

Նշենք, որ Թել Աւիւը, Ղոշ Տանը, Աստոտը, Աշքելոնը, Պէյթ Շայմաշը, Քիրիաթ Մլախին, Ռահֆութը եւ Ռոշիոթ Լիթսիունը դարձեալ Կազայէն հրթիռակոծուեցան:

Նախորդը

Հոլանտացի Փորձագէտները Ժամանած Են Տոնեցք` Մալեզիական Օդանաւի Ջախջախումը Հետաքննելու Համար

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.