Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 22, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս նշեց, որ իրենք արդէն իսկ զզուած են արաբական աշխարհէն Իսրայէլի դէմ յստակ կեցուածք մը որդեգրելու անկարողութեամբ. ան շեշտեց, որ պէտք է կառչած մնալ Դիմադրութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին շուրջ գոյանալիք համախոհութեան պարագային, 24 ժամէն կարելի կ՛ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել:

ԿԻՐԱԿԻԷՆ երկուշաբթի լուսցող առաւօտեան ընթացքին, անծանօթներ Պապ Ռամլի եւ Քըպպէի մէջ գտնուող բանակի անցարգելներուն մօտակայքը ձեռնառումբեր նետեցին` պատճառելով նիւթական վնասներ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի շարունակուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժոզեֆ Մաալուֆ երէկ կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի մէջ տիրող սառած իրավիճակին եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ քաղաքացիներուն նկատմամբ եւ ջուր ապահովէ:

ԹԱՈՒՀԻՏ կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց շատ խիստ վարուելու հաւատադրժողական խմբաւորումներուն հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կեցուածքը ոչ ոքի իրաւունքը կը խլէ, այլ` իրաւունքը կը վերադարձնէ իր տէրերուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ համախոհութիւն կուսակցութեան նախագահ Պիլալ Թաքիէտտին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կը մնայ թշնամի Իսրայէլին դէմ դնելու միակ ընտրանքը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան ղեկավար Ղասսան Ղոսըն զգուշացուց լիբանանցիներուն պահանջներուն անտեսումէն եւ կոչ ուղղեց բոլոր միջոցները օգտագործելու`  ապահովել կարենալու համար անոնց կարիքները:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ իսրայէլեան բացարձակ ճնշումներուն նկատմամբ միջազգային բացայայտ զօրակցութիւն կայ, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական զօրակցութիւն:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած սպանդին նկատմամբ լուռ մնացողները մեղսակիցներ կը նկատուին, որովհետեւ անոնք յումպէտս կը հոսեցնեն պաղեստինցի ժողովուրդին արիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սուրիան եւ Իրաքը թիրախ դարձնող կողմերը պէտք է փութան Պաղեստին եւ Կազայի մէջ մղեն իրենց պայքարը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, յաջորդող շաբաթները անկիւնադարձային պիտի ըլլան` նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծման առումով:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ բանակէն անջատուած սպայի մը համաձայն, Քալամունի մէջ օրական 15-30 Հըզպալլայի մարտիկներ կը զոհուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի աղբիւրներէն մէկը շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանի թղթածրարին լուծումը ուղղակիօրէն կապուած է Փաղանգաւոր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն պատասխաններուն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ ձերբակալուած շէյխ Հուսամ Սապպաղ կրնայ միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ պահանջուած ըլլալ` նկատի ունենալով, որ Քայիտայի հետ կապեր ունենալու առումով անոր մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են շարք մը կասկածներ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանը հարուածող տարբեր տագնապները կարելի չէ լուծել, բացի նախագահական ընտրութիւն կատարէ, ինչպէս կը հաստատեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին վարչապետ Թամմամ Սալամի կոչին, որովհետեւ Լիբանանը այս հանգրուանին չի կրնար շարունակել նախագահական աթոռին թափուր մնալով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն պատասխանատու է նախագահական ընտրութեան արգելակումին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը պէտք է փակուի:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հաստատեցին, որ Պքերքէի հետ իրենց յարաբերութիւնները լաւ են:

 

Նախորդը

Կազայի Մէջ. Մինչ Բախումները Կը Շարունակուին, Զոհերուն Թիւերն Ու Աւերի Տարողութիւնը Կը Շարունակեն Աւելնալ

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Նախագահական Ընտրութենէն Առաջ Կարելի Չէ Որեւէ Հարց Քննարկել»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.