Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլանտացի Փորձագէտները Ժամանած Են Տոնեցք` Մալեզիական Օդանաւի Ջախջախումը Հետաքննելու Համար

July 22, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21-07MalaysianՏոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան մամլոյ ծառայութենէն «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած են, որ Հոլանտայէն փորձագէտներու խումբ մը ժամանած է Տոնեցք` մալեզիական «Պոյինկ 777»-ի ջախջախման պատճառները հետաքննելու համար:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ մասնագէտները նախ եւ առաջ մեկնած են Թորեզ, ուր պիտի զննեն զոհերուն մարմիններով գնացքները, ապա պիտի ուղղուին Կրապովօ գիւղի շրջակայքը գտնուող ջախջախման վայրը:

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէ նախապէս յայտարարած էր Ուքրանիա փորձագէտներ ուղարկելու մասին` 17 յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին ժամանակ Հոլանտայի քաղաքացիներուն մարմինները ճանչնալու համար:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Քիեւ ժամանած է Քաղաքացիական օդանաւային թռիչքներու միջազգային կազմակերպութեան փորձագէտներու խումբը: «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին համաձայն, անոնք սկսած են բանակցութիւններու, որոնց իբրեւ արդիւնք մասնագէտներուն պէտք է փոխանցուին աղէտեալ օդանաւին «սեւ տուփերը»:

Փութին Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային
Հետաքննիչներուն
Անվտանգութիւնը Ապահովելու

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ պատկերասփռուած ուղերձով մը անդրադարձած է մալեզիական օդանաւի հարցին: Ան կոչ ուղղած է միջազգային հետաքննիչներուն անվտանգութիւնը եւ մալեզիական օդանաւին աղէտի վայրին հասանելիութիւնը ապահովելու:

Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Փութին համոզում յայտնած է, որ եթէ 28 յունիսին Ուքրանիոյ տարածքին մէջ չվերսկսէին զինուորական գործողութիւնները, այդ ողբերգութիւնը տեղի պիտի չունենար:

«Միաժամանակ, ոչ ոք իրաւունք ունի այդ ողբերգութիւնը օգտագործելու քաղաքական նենգ նպատակներու համար: Այսպիսի իրադարձութիւններ մարդոց ոչ թէ պէտք է բաժնեն, այլ միացնեն: Անհրաժեշտ է, որ բոլոր անոնք, որոնք պատասխանատու են այդ շրջանի իրավիճակին համար, իրենց պատասխանատուութեան չափը մեծցնեն ինչպէս սեփական ժողովուրդին, այնպէս ալ այն ժողովուրդներուն առջեւ, որոնց ներկայացուցիչները դարձած են այդ ողբերգութեան զոհերը», ըսած է Փութին ուղերձին մէջ:

Ան նշած է նաեւ, որ Ռուսիան իրմէ կախեալ ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի տագնապը Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ ներկայ պատերազմական հանգրուանէն անցնի սեղանի շուրջ խաղաղ բանակցային հանգրուանի եւ լուծուի բացառապէս դիւանագիտական միջոցներով:

Նախորդը

Իրան Հրաժարած Է Բարձր Համեմատութեամբ Հարստացուած Իւրանիոմէն

Յաջորդը

Կազայի Մէջ. Մինչ Բախումները Կը Շարունակուին, Զոհերուն Թիւերն Ու Աւերի Տարողութիւնը Կը Շարունակեն Աւելնալ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.