
Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչը զգուշացուած է, որ եթէ կարճ ժամանակի մէջ չտեսակցի Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած ազրպէյճանցիներուն հետ, անոր նկատմամբ խիստ որոշումներ պիտի տրուին` մինչեւ երկրէն արտաքսում: Այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի փոխվարչապետ, Գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցերով պետական խորհուրդի նախագահ Ալի Հասանով:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Հասանով ըսած է, թէ այն փաստը, որ շուրջ շաբթուան մը ընթացքին կարելի չէ եղած գերի բռնուածներուն հետ տեսակցութիւն կազմակերպել, կասկածի տակ կը դնէ Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի գործունէութիւնը:
Նշենք, որ հայկական կողմը կը մերժէ Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած հետախոյզներուն պատերազմական գերիի կարգավիճակ տրամադրել:


