«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ կը ծրագրէ մնալ իր պաշտօնին վրայ եւ Եուրօ-2016-ի տոմս մը ապահովել իր կազմին համար:
Ան Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին զօրակցութիւնը կը վայելէ, հակառակ անոր, որ 2014-ի մոնտիալին ան ձախողութիւն արձանագրեց:
63 տարեկան Տել Պոսքէ, որ Եուրօ-2008-էն ետք ստանձնեց իր պաշտօնը, մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է ֆետերասիոնին հետ:


