
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Աղուան Յովսէփեան նշանակուեցաւ Հայաստանի քննչական խորհուրդի նախագահ:
Աղուան Յովսէփեան 1998-2013 թուականներուն, որոշ ընդմիջումներով, եղած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազը: Անցեալ տարուան սեպտեմբերին ամբողջացաւ անոր պաշտօնավարման ժամկէտը, եւ Յովսէփեան նշանակուեցաւ միացեալ քննչական մարմինի կազմաւորման իրաւական ապահովման յանձնախումբի նախագահ:
Հայաստանի քննչական խորհուրդը ստեղծուած է այս տարուան մայիսին վաւերացուած օրէնքով, այդ կառոյցին շրջագիծին մէջ պիտի միանան ոստիկանութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական մարմինները:


