
Երէկ ՀՅԴ-ն, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի հետ հրաւիրած էր քննարկումի` սահմանադրական փոփոխութիւններու ընթացքին մասին. քննարկումին ներկայ էին ՀՅԴ քաղաքական գործիչներ, փորձագէտներ:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ շահագրգռուած եղած է սահմանադրական փոփոխութիւններով, որովհետեւ համոզուած է, որ անոնք անհրաժեշտ են, եթէ կը գոհացնեն շարք մը կարեւոր պայմաններ: «Մենք կը կարծենք, որ գործող սահմանադրութիւնը ունի բարեփոխման լուրջ անհրաժեշտութիւն, անիկա պէտք է բարեփոխուի, որ ունենանք սահմանադրական կարգ, ստեղծենք համապատասխան իրաւական դաշտ, ուր կը լուծուին շարք մը կարեւոր հարցեր` արդէն սահմանադրութեան օգնութեամբ: Սահմանադրութիւնը ոչ թէ կրաւորական, այլ գործնական փաստաթուղթ է, որ պէտք է կեանքի կոչուի եւ իրականացուի», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ սահմանադրական բարեփոխումները լուրջ քայլեր են իշխանութեան մէջ գերակշռութիւն ապահովելու համար` խորհրդարանի դերի բարձրացման համար:
Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ յատկապէս կառավարման համակարգի փոփոխութիւնը, որ պայմանաւորուած պիտի ըլլայ բազմաթիւ խորքային փոփոխութիւններով:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, այսօր խնդիր կայ փոխելու կառավարման համակարգը դէպի խորհրդարանական կառավարում, իշխանութեան հաւասարակշռութիւն, իշխանութեան ապակեդրոնացում եւ իշխանութեան թեւերու միջեւ զսպման ու հակակշիռներու մեքանիզմներու ապահովում: «Քանի տակաւին պատրաստ չէ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերջնական նախագիծը, մենք պէտք է յաջողինք մեր մօտեցումները համադրել ու յանգիլ փոխըմբռնելի տարբերակի: Սահմանադրական փոփոխութիւնները իմաստ կ՛ունենան, եթէ անոնք յանգեցնեն խորհրդարանական կառավարման համակարգի: Խորհրդարանական կառավարման համակարգը նոյնպէս բազմաթիւ ձեւեր ունի, եւ պէտք է ընտրել այն տարբերակը, որ կը համապատասխանէ Հայաստանին», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:


