Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին «Պոյինկ 777» Օդանաւի Կործանման Հարցին Մէջ Կը Մեղադրէ Քիեւը

July 19, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

Dni.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ մալեզիական ճամբորդատար «Պոյինկ 777» տիպի օդանաւի կործանման պատասխանատուութիւնը կը կրեն ուքրանական իշխանութիւնները: Ըստ Փութինի, այդ ողբերգութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը խաղաղ ըլլար:

«Անկասկած, պետութիւնը, որուն տարածքին տեղի ունեցած է ատիկա, պատասխանատուութիւն կը կրէ սարսափելի ողբերգութեան համար: Այդ ողբերգութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ այդ երկրին մէջ խաղաղութիւն ըլլար, եթէ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը չվերսկսէին զինուորական գործողութիւնները», ըսած է Փութին:

Նախագահը յանձնարարած է կառավարութեան ընել ամէն ինչ` աղէտի առարկայական պատկերը հաստատելու համար: «Կը խնդրեմ Ռուսիոյ կառավարութենէն քաղաքացիական գերատեսչութիւններու կարելիութիւններուն միջոցով ընել ինչ` այս իրադարձութեան մանրակրկիտ հետաքննութեան համար: Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ որ մեզմէ կախեալ է, որպէսզի պատահարի առարկայական պատկերը դառնայ մեր, Ուքրանիոյ եւ ամբողջ աշխարհի հանրութեան հասանելի», ըսած է Փութին:

Ուաշինկթըն Կը Խնդրէ Դադրեցնել
Մարտերը` «Պոյինկ 777»-ի
Կործանման Հետաքննութեան Համար

«Քոմսոմոլսքայա փրաւտա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի բանբեր Ճոշ Էռնեսթ յայտարարած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կոչ կ՛ուղղեն Ուքրանիոյ մէջ մարտերը դադրեցնելու` մալեզիական օդանաւի կործանման միջազգային հետաքննութեան համար:

«Չափազանց կարեւոր է, որպէսզի կատարուի ամբողջական, վստահութեան արժանի, անխոչընդոտ միջազգային հետաքննութիւն», ըսած է ան:

Ըստ անոր, աշխատանքին պէտք է մասնակցին միջազգային կազմակերպութիւնները: «Միջազգային կազմակերպութիւններու դերը, ինչպէս` ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի դերերը, կրնան առաւել կարեւոր ըլլալ այս պայմաններուն մէջ», նշած է Էռնեսթ:

Միացեալ Նահանգներ նաեւ հաստատած են, որ կործանուած օդանաւը վար առնուած է ցամաք-օդ հրթիռով` չնշելով, սակայն, թէ տագնապին կողմերէն ո՛վ է այդ արարքին համար պատասխանատու:

Ռատարի համակարգը ի յայտ բերած է, որ հրթիռը գործի լծուած է եւ օդանաւին հետեւած` նախքան վայրէջք կատարելը: Երկրորդ համակարգը արձանագրած է ջերմային գործունէութիւնը այն պահուն, երբ օդանաւը հարուած ստացած է: Այժմ Ուաշինկթըն կ՛ուսումնասիրէ հրթիռի թռիչքին յետագիծը` հասկնալու համար, թէ կողմերէն ո՛վ կատարած է յարձակումը:

Նշենք, որ 298 զոհերու շարքին էր Առողջապահութեան միջազգային գործակալութեան բանբեր Կլեն Թոմաս:

Ուքրանիա կը պնդէ, որ գաղտնալսած եւ արձանագրած է Ռուսիոյ զինուորական հետախուզութեան գործակալներու եւ ռուսամէտ զինեալներու միջեւ դէպքէն քանի մը վայրկեան ետք կատարուած հեռաձայնային զրոյցները, որոնց մէջ վերջիններս կը յայտնեն, որ օդանաւ մը վար առած են:

 

Նախորդը

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Թոնի Պլեր Ազրպէյճանական Կազի Եւրոպայի Մատակարարման Հարցով Ընկերութիւններու Համախմբման Խորհրդական Նշանակուած Է

Յաջորդը

Իսրայէլ Կազայի Դէմ Ցամաքային Գործողութեան Ձեռնարկեց Եւ Կը Մտածէ Զայն Ընդլայնելու Մասին

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.