
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով «Շահտենիզ-2» նախագիծին մօտիկ աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլեր նշանակուած է ազրպէյճանական կազի Եւրոպայի մատակարարման հարցով ընկերութիւններու համախմբման խորհրդական:
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Պլեր հրաւիրուած է խորհրդատուական խումբին մէջ աշխատանքի` Գերմանիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Հանս Տիթրիխ Կինշըրի եւ «Կոլտըն Սաքս Ինթըրնաշընըլ» դրամատան նախագահ ու «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութեան նախկին գործադիր տնօրէն Փիթըր Սատըրլանտի կողքին:
«Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ի մէջ կը կարծեն, որ «Հարաւային միջանցք» նախագիծի հարցով խորհրդատուական նոր խումբը խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ քաղաքական, տնտեսական, բնապահպանական եւ ընկերային խնդիրներու լուծման համար, որոնք կրնան յառաջանալ «Շահտենիզ-2»-ի, ԹԱՆԱՓ եւ ԹԱՓ նախագիծերու իրականացման ընթացքին:
Թոնի Պլեր այդ խումբին մէջ ընդգրկուած է իր ունեցած քաղաքական փորձառութեան համար:


