Իսրայէլեան բանակը երէկ Կազայի դէմ սկսաւ ցամաքային գործողութեան մը` օդէն, ցամաքէն եւ ծովէն բուռն կերպով ռմբակոծելով պաղեստինեան շրջանը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտարարեց, որ գործողութեան ընթացքին սպաննուած են իսրայէլացի զինուորներ, իսկ ուրիշներ` վիրաւորուած: Քասսամի փաղանգները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ հրասանդի 10 հրթիռներով ռմբակոծած են Պէյթ Լահիայի հիւսիսը տեղակայուած իսրայէլեան զրահապատ մեքենաները, իսկ իրենց մէկ արձակազէնը ուղղակի հարուած մը հասցուցած է իսրայէլացի զինուորի մը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու` մեկնաբանելով գործողութեան սկիզբը, ըսաւ. «Այս օրը Իսրայէլի համար վճռական է, եւ մեր ուժերը Համասի դէմ կը գործեն ցամաքէն, ծովէն ու օդէն»: Ան վստահեցուց, որ այս յարձակումը կատարուած է, որովհետեւ «փապուղիներու գոյութեան օդէն չենք կրնար վերջ տալ»: Նեթանիահու նաեւ նշեց, որ ինք գործողութեան յաջողութիւնը չի կրնար երաշխաւորել, «սակայն մեր կարելին պիտի ընենք»:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ կատարուած ցամաքային գործողութեան ընթացքին դժուար ժամանակներէ պիտի անցնի, եւ գործողութիւնը նկատեց բարդ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10¬րդ կայանը հաղորդեց, որ ցամաքային գործողութիւնը կարճատեւ պիտի չըլլայ, այլ պիտի տեւէ առնուազն մէկ շաբաթ կամ տասը օր, իսկ անոր նպատակը փապուղիներու վտանգը ջնջելն է: Իսկ Համաս շարժումը իսրայէլեան բանակին ցամաքային գործողութեան ձեռնարկելը «վտանգաւոր քայլ եւ չմտածուած» որակեց` նշելով, որ իսրայէլեան բանակը շատ սուղ գին պիտի վճարէ:
«Ժազիրա» երէկ գիշեր հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մօտ մեծաթիւ ուժեր հաւաքած է` ցամաքային գործողութիւնը ընդլայնելու նպատակով:
«Մայատին» հաղորդեց, որ ցամաքային գործողութեան զուգահեռ, Թուրքիոյ մէջ Համասի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան միջեւ զինադադարի համաձայնութեան մը փաստաթուղթի պատրաստութեան շուրջ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան` նշելով, որ զինադադարի հաստատման համար թրքական ջանքերը ձախողած են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ յայտնեց, որ ինք կապ հաստատած է Նեթանիահուի հետ եւ վերջինս տեղեակ պահած, որ «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու»:
Թուրքիոյ Մէջ Իսրայէլի Դէմ Բողոքի Ցոյցեր
Թրքական ոստիկանութիւնը երէկ արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ իսրայէլեան դիւանագիտական առաքելութեանց առջեւ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին դէմ բողոքի ցոյց կատարողները:
Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի հիւպատոսարանին առջեւ ցուցարարները թրքական ու պաղեստինեան դրօշները ճոճեցին եւ «Պոլիսէն ողջոյն Կազայի դիմադրութեան», «Ոճրագործ Իսրայէլ, հեռացի՛ր Պաղեստինէն» եւ «Հարուածէ՛, հարուածէ՛ Համաս, հարուածէ՛ Իսրայէլը» կարգախօսները հնչեցուցին: Խումբ մը ցուցարարներ մագլցեցան հիւպատոսարանին պատը եւ գաւազաններով ու քարերով փշրեցին հիւպատոսարանի ապակիները:
Անգարայի մէջ եւս ցուցարարներ քարկոծեցին Իսրայէլի դեսպանին բնակարանը` փշրելով անոր ապակիները: Անոնք բնակարանին պատին վրայ պաղեստինեան դրօշ զետեղեցին: Անգարայի ցոյցին մասնակցեցան Թուրքիոյ խորհրդարանի շարք մը անդամներ:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Ահմեթ Այտըն Կազայի դէմ Իսրայէլի յարձակումը «պետական ահաբեկչութիւն» կոչեց, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Մահմուտ Թանալ ըսաւ, որ պէտք է Իսրայէլին «դաս մը տրուի»:
Ցոյցերու լոյսին տակ Իսրայէլ իր դիւանագէտներուն ընտանիքները հեռացուց Թուրքիայէն:


