Լեռնային Ղարաբաղի բանակը կը տեղեկացնէ, որ Քարվաճառի մէջ աւարտեցաւ ազրպէյճանական հետախուզական խումբի վնասազերծման ուղղութեամբ իրականացուող գործողութիւնը:
Ղարաբաղեան կողմը կը տեղեկացնէ, որ գործողութեան իբրեւ հետեւանք հայկական ուժերուն կողմէ խումբի բոլոր անդամները գերի բռնուած կամ սպաննուած են` չմանրամասնելով, թէ քանի նոր հետախոյզ սպաննուած կամ գերի բռնուած է:
Սակայն հայաստանեան լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ երէկ կէսօրին հայկական ուժերը վնասազերծած են ազրպէյճանցի երրորդ հետախոյզը: Ո՛չ Ղարաբաղի եւ ո՛չ ալ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները առայժմ այս տեղեկութիւնը չեն հաստատած:
Նշենք, որ նախորդ ուրբաթ օր հետախուզական խումբի այլ անդամ մը յարձակած էր Քարվաճառի ճամբով ընթացող «Նիվա» մակնիշի քաղաքացիական թիւերով ինքնաշարժի մը վրայ, սպաննած ինքնաշարժին մէջ գտնուող 42-ամեայ սպայ Սարգիս Աբրահամեանը եւ վիրաւորած այլ զինուորի մը կինը` 37-ամեայ Կարինէ Դաւթեանը: Աւելի ուշ ազրպէյճանցի հետախոյզը սպաննուած էր հայկական ուժերուն կողմէ:
Կարինէ Դաւթեան, որ Քարվաճառ մեկնած էր այնտեղ ծառայող ամուսինը տեսնելու նպատակով, այժմ կը գտնուի ծանր կայուն վիճակի մէջ:
Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական հիւանդանոցի պետ Արամ Ասատուրեան, Կարինէ Դաւթեան հրազէնային հարուած ստացած է ձախ քունքէն, գնդակը դուրս եկած է ճակատէն: Կնոջ աչքը վնասուած է, ան կամաց-կամաց գիտակցութեան կու գայ:
Նշենք, որ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, սպաննուած հետախոյզը Քարվաճառ ներթափանցած ազրպէյճանական հետախուզական խումբի անդամներէն է: Անոր մասին մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած:
Խումբի անդամներէն Շահպազ Կուլիեւ նախորդ շաբաթ ձերբակալուած էր:
Այսպիսով, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կը վստահեցնէ, որ ազրպէյճանական հետախուզական խումբին բոլոր անդամները գերի բռնուած կամ ոչնչացուած են: Առայժմ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած, թէ ճշգրիտ ինչ նպատակ ունեցած է խումբը:
Զօրավար Արկադի Տէր-Թադեւոսեան, որ նոր վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ այժմ քննութիւն կ՛ընթանայ, որուն իբրեւ արդիւնք պիտի յստականայ խումբին նպատակը:
«Վերջին օրերուն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը փորձեր կը ձեռնարկէ մերժելու նախորդ շաբթուան աւարտին վնասազերծուած ազրպէյճանական հետախուզական խումբի գերի բռնուած անդամները` միաժամանակ ջանալով, որ անոնց տրուի ռազմագերիներու կարգավիճակ: Տուեալ պարագային անիկա անկարելի է, որովհետեւ Միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, մասնաւորապէս` «Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին» Ժընեւի ուխտի 4-րդ յօդուածը յստակ կը սահմանէ այն անձերը, որոնց կարելի է տալ ռազմագերիի կարգավիճակ», երէկ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Առկայ են անհերքելի ապացոյցներ, որ իրականութեան մէջ գործ ունինք յանցաւոր խումբի հետ, որ հաւաքագրուած է եւ հետախուզական նպատակներով օգտագործուած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ: Վնասազերծուած հետախուզական խումբի անդամները չեն ունեցած որեւէ տարբերանշան եւ կոպտօրէն խախտած են միջազգային իրաւունքով սահմանուած պատերազմի օրէնքներն ու սովորոյթները` դաժան ու անմարդկային կերպով ոտնձգութիւն իրականացնելով քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ», ընդգծեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` շարունակելով «Վնասազերծուած հետախուզական խումբի յանցաւոր գործունէութեան համար` պետութեան տարածքի ապօրինի հատում, սպանութիւն եւ սպանութեան փորձ, յատուկ պահպանուող տարածքներու ապօրինի նկարահանման փորձեր եւ այլն, քրէական օրէնսդրութեամբ նախատեսուած են յստակ պատիժներ: Ուստի, անոնց նկատմամբ քրէական հետապնդում պիտի իրականացուի քրէական օրէնսդրութեամբ նախատեսուած ընդհանուր կարգով` արդար դատաքննութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համընդհանուր միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն պահպանումով»:
«Անհրաժեշտութեան պարագային նշուած անհերքելի ապացոյցները կարելի է ներկայացնել շահագրգիռ միջազգային կառոյցներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


