Նախորդ շաբաթ օր Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հրամանատարի տեղակալներու, անձնակազմի բաժիններու եւ ծառայութիւններու պետերու, միաւորումներու ու զօրամասերու հրամանատարներու եւ անոնց տեղակալներու, գումարտակներու հրամանատարներու եւ ռազմաիրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զինուորական խորհուրդի նիստ` նուիրուած այս տարուան առաջին կիսամեակի արդիւնքներու ամփոփման: Նիստը վարեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան:
Յակոբեանի ներածական խօսքէն ետք, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային եւ աշխարհաքաղաքական ընթացիկ եւ հաւանական զարգացումներուն ու այդ ծիրին մէջ հետագայ ընելիքներուն, սկսան զինուորական խորհուրդի աշխատանքները:
Այնուհետեւ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, ըստ ուղղութիւններու համապարփակ զեկուցումներ տուին բանակի հրամանատարի տեղակալները, որոնք խօսեցան իրենց պատասխանատուութեան տակ գտնուող ուղղութիւններուն մէջ արձանագրուած դրական տեղաշարժերուն մասին, նշեցին թերացումները եւ զանոնք ուղղելու գործառոյթները:
Ամփոփելով զինուորական խորհուրդի եւ կիսամեակի արդիւնքները` Մովսէս Յակոբեան զանոնք նկատեց գոհացուցիչ եւ յայտնաբերուած թերացումներն ու բացթողումները ուղղելու համար տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ եւ հրահանգներ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:


