«Նահար» օրաթերթին համաձայն, նախարարական աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնած են Լիբանանի դիմագրաւելիք ապահովական նոր խախտումներուն առումով:
Նոյն աղբիւրները մտահոգութիւն յայտնեցին, որ ապահովական նոր ցնցումներ եւ միջադէպեր կրնան արձանագրուիլ օգոստոս ամսուան ընթացքին, երբ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու պարտաւորութիւնները կը սկսին ծանրացնել Լիբանանի կառավարութեան բեռը:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը կը գրէ, թէ ապահովութեան ուժերուն կատարած ներխուժումները, խուզարկումներն ու ձերբակալութիւնները ամրապնդած են երկրին ապահովութիւնը:
Սակայն միաժամանակ բացայայտուած են նոր պայթումներու եւ քաղաքական սպանութիւններու ծրագիրներ: Այս շրջագիծին մէջ ապահովութեան ուժերը ամրապնդեցին իրենց միջոցառումները Այն Թինէի, Ռումիէի բանտին, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն, Թարիք Ժտիտէի, հիւսիսային Լիբանանի, հարաւային Լիբանանի եւ կարգ մը զինուորական կեդրոններու շուրջ` նկատի ունենալով երկրին անվտանգութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքները:
«Նաշրա» կայքին համաձայն, յարանուանական միատարր բնոյթ ունեցող կարգ մը գիւղերու մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու հաւանականութիւններ կան:
Ըստ նոյն կայքին, անձնասպանական գործողութիւններուն հեղինակները կը գտնուին Արսալի մէջ եւ անոնք կը պատրաստուին այդ գործողութիւնները իրականացնելու:


