Ապրայի դէպքերէն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի նախկին իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր յայտնուեցաւ պատկերասփռուած ճառով մը, որուն մէջ ան Սէուտական Արաբիոյ իշխող Սէուտ ընտանիքէն պահանջեց տիրութիւն ընել արաբական աշխարհին` նկատի ունենալով արաբ ազգին մակարդակին վրայ անոր ունեցած ազդեցութիւնը:
Ասիր նշեց, որ եթէ բաղդատելու ըլլայ արաբ ազգին համար Սէուտ ընտանիքին կատարած նուաճումները իսլամ կրօնին եւ իսլամներուն դէմ գործող երկիրներուն նուաճումներուն հետ, ապա պիտի տեսնէ, որ Սէուտ ընտանիքը թերացած է եւ բացթողումներ արձանագրած այդ իմաստով:
Ասիր շեշտեց, որ անոնց ձախողութիւններուն եւ թերացումներուն պատճառով իրենք Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի մէջ եւ ամէնուր կը տուժեն, եւ դանակը հասած է իրենց վիզերուն:
Ասիր նշեց, որ ինք չ՛ուրանար Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութիւնները, սակայն անհրաժեշտ կը գտնէ, որ անոնք ամէն ջանք ի գործ դնեն պահպանելու համար իսլամական կրօնը:


