Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 7, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդուժը Արսալի բարձունքներէն Ուատի Խէյլի մէջ գտնուող զինեալներուն դիրքերը չորս հրթիռներու թիրախ դարձուցած է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իրարու միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացուցած են` խորհրդարանին պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ եկեղեցւոյ զանգերը լիբանանեան կարիք են եւ անհրաժեշտութիւն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է գործադրէ իր համոզումները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի գոյութիւնը իրողութիւն մըն է եւ կարելի չէ զայն անտեսել: Ան շեշտեց, որ երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները խանգարող կողմերը, որոնք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, միակ օգտուողներն են տիրող այս կացութենէն: Ան ցաւ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի ուժերուն որդեգրած քաղաքականութիւնը երկարած է նախագահական աթոռին թափուր մնալը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Արեւելքը կարիքը ունի միջիսլամական երկխօսութեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Արեւելքի բոլոր ժողովուրդները պատերազմէ փրկել:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը այս հանգրուանին յետաձգուած է` աւելցնելով, որ սահմանադրական փոփոխութիւն մը կատարելու առումով ժամանակը բնաւ յարմար չէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱ կոչ ուղղեց պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան ընդարձակ արշաւի մը դիմելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ քաղաքական անձնաւորութիւններ սպաննելու նոր անուանացանկ մը պատրաստած է, եւ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին զգուշանալու իրենց տեղափոխութիւններուն ընթացքին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի համոզուած է, թէ ներքին իմաստով տակաւին կարելի է նախագահական ընտրութիւն կատարել: Ան աւելցուց, որ Պըրրի այս հանգրուանին քաղաքական կարգ մը միջոցառումներու պիտի դիմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ուղղակի լիբանանցիներուն քուէարկութեամբ կատարել չի նշանակեր երկրին մէջ համերաշխութիւնը քանդել կամ Թաէֆի համաձայնագիրը խզել:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավար մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն կախեալ է Իրանէն եւ Սէուտական Արաբիայէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը մեռած ծնած է, որովհետեւ անիկա անյարմար ժամանակի մը ընթացքին յայտարարուած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ քրիստոնեայ քաղաքական կարգ մը ղեկավարութիւններ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններէն գաղափար իսկ չունին: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ կան սահմանադրական որոշ տագնապներ, զորս կարելի չէ վարչակարգին շրջագիծին մէջ լուծել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա հաստատեց, որ սուրիական վարչակարգն է, որ «Արաբական գարուն»-ը ուղղած է դէպի յարանուանական բախումներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջարկը խաղաղ է եւ ժողովրդավարական, իսկ անոր մասին ցարդ արձանագրուած տեսակէտները ՏԱՀԵՇ-ական են եւ հաւատադրժողական:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու մաղթեց, որ մարոնի համայնքի պատասխանատուները հաշտութիւն մը  գոյացնեն եւ իմաստուն անձնաւորութիւն մը ընտրեն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը յուզող տագնապէն դուրս գալ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան համար անոր ղեկավարը` Ամին Ժեմայէլ մնայուն կերպով նախագահական ընտրութեան թեկնածու է: Ան շեշտեց, որ իրենց համար նախագահական ընտրութեան կայացումը առաջնահերթութիւն է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս շաբթուան ընթացքին պիտի դիմէ կարգ մը քայլերու` վերջ տալ կարենալու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարին արձանագրած տեղքայլին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած նախաձեռնութիւնը կը միտէր բարեփոխել երկրին սահմանադրութիւնը եւ ոչ թէ անոր դէմ յեղաշրջում կատարել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ սպանութեան ձեռքերը տակաւին երկար են եւ կը սպառնան հարուածել Լիբանանը, հետեւաբար անհրաժեշտ է ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւնը հաստատուած է ներքին լիբանանեան եւ միջազգային քաղաքական համախոհութեամբ:

ՍՈՒՐԻ եւ Ժապալ Ամելի միւֆթի շէյխ Հասան Ապտալլա յայտնեց, որ ահաբեկչութեան արդարացումը ոճրագործութիւն կը նկատուի` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է միասնականանան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց հեռանալու երկրին քաղաքական կեանքը, յատկապէս խորհրդարանի աշխատանքները խոչընդոտելու փորձերէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի խստիւ դատապարտեց կրօնական եւ քրիստոնէական աղօթավայրերուն դէմ ուղղուած սպառնալիքները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն թիրախ կը դարձնէ Լիբանանի Ազգային ուխտը եւ կը ջանայ խախտել երկրին սահմանադրութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն շեշտեց, որ Պքերքէի հետ իրենց յարաբերութիւնը սովորական է` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ հարցերուն միակ լուծումը երկխօսութիւնն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Սաատ շեշտեց, որ «Ահրար Սուննա Պաալպեք» խմբաւորումը գոյութիւն չունեցող խմբաւորում մըն է, որ ստեղծուած է Հըզպալլայի եւ սուրիական գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իր յայտարարած նախաձեռնութեամբ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ինքզինք հարուածած է իբրեւ համախոհական նախագահական թեկնածու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Տաուտ Սայեղ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնը անկարելի է գործադրել` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը ջանայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնել` քաղաքական առումով ապահովական կառոյցներուն աշխատանքը հովանաւորելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախազգացած է Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն տարողութիւնը եւ այդ պատճառով ալ առաջադրած է նման նախաձեռնութիւն մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանին պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի երկարաձգումը:

 

Նախորդը

Իրաքի Վարչապետ Նուրի Մալիքի Երրորդ Նստաշրջանի Մը Պիտի Յաւակնի

Յաջորդը

Ապահովական Նոր Խախտումներու Առումով Մտավախութիւններ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.