
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի յայտարարած է, որ պիտի չհրաժարի վարչապետի պաշտօնին յաւակնելու մտադրութենէն, հակառակ ուժեղ ճնշումին, որ անոր դէմ կը գործադրուի երկրին մէջ թէ անկէ դուրս:
Մալիքիի ուղերձը սփռուած է Իրաքի պետական պատկերասփիւռի կայանէն:
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ան յայտարարած է. «Ես Աստուծոյ առջեւ երդում տուած եմ, որ պիտի շարունակեմ մեր զինեալ ուժերուն եւ կամաւորներուն հետ պայքարիլ, այնքան ատեն որ չենք յաղթած Իրաքի եւ անոր ժողովուրդի թշնամիներուն»:
Մալիքին վարչապետի պաշտօնը կը վարէ 2006-էն ի վեր: Այս տարուան ապրիլին Մալիքիի գլխաւորութեամբ շիի կուսակցութիւններու դաշինքը յաղթած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Սակայն շատերը ներկայիս վարչապետը կը մեղադրեն Իրաքի ճգնաժամը սրելու առումով` սիւննի փոքրամասնութիւնը հալածելու իր քաղաքականութեան համար:


