
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի միջազգային հարցերով յանձնախումբի ղեկավար Ալեքսէյ Փուշքով «Ռոսիյա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ տուած են իրենց որոշումը` յօգուտ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու խզման, որուն պատճառով Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները արդէն մուտք գործած են առճակատման հանգրուան:
«Ասիկա վերադարձ է հռետորութեան, Պաղ պատերազմի մտածելակերպին, Ռուսիան մեկուսացնելու քաղաքականութեան, եւ Օպամայի պաշտօնական քաղաքականութիւնն է, որ տեսանելի ապագային Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում չըլլայ», ըսած է ան:
Փուշքով ընդգծած է, որ «Օպամայի վարչակազմը արդէն կատարած է իր ընտրութիւնը»:
«Եկէք այս կողմ կամ այն կողմ չիյնանք. այդ ընտրութիւնը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման դէմ է: Այդ իսկ պատճառով, անոնք կը խզեն բոլոր կապերը եւ կը դադրեցնեն բանակցութիւնները… Այնպէս որ` մենք արդէն գործնականին մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ անցած ենք առճակատման հանգրուանի», յայտարարած է Փուշքով:


