Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ. Այսօր` Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստ

June 19, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարան ժամանած երեսփոխաններ
Խորհրդարան ժամանած երեսփոխաններ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վաւերացումին յատկացուած օրէնսդրական նիստին:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ուղղուեցաւ խորհրդարան` նախագահելու համար նախագահական ընտրութեան նիստին, սակայն ան նախագահական ընտրութեան Է. նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին, խորհրդարան ժամանող երեսփոխաններու անբաւարար թիւին պատճառով:

Նշենք, որ հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրելու համար խորհրդարան ժամանած էին 55 երեսփոխաններ:

խորհրդարանին մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ, ապա հանդիպումին միացան նաեւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Պահիա Հարիրի, Ժորժ Ատուան, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Ընդարձակ հանդիպումէն ետք Հարիրի մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու առումով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա անհաւանական նկատեց, որ այսօրուան նիստին ընթացքին աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուին` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին շուրջ խորհրդակցութիւնները երեկոյեան պիտի շարունակուին:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ տակաւին վերջնական համաձայնութիւն մը չկայ այդ յաւելումները վաւերացնելու առումով:

Նախարար Ապու Սաապ շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ ուսուցիչներուն ամբողջական պահանջներուն` նկատի ունենալով, որ այդ պահանջները արդար են:

Նշենք, որ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի շեշտած էր, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով ինք տակաւին փոփոխութիւն մը չ՛ակնկալեր` նկատի ունենալով, որ տակաւին այդ թղթածրարին մասին որոշ համաձայնութիւն մը չէ գոյացած:

Անդրադառնալով ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն` Պըրրի յայտնեց, որ ինք երբեք մտադիր չէ դարձեալ ենթայանձնախումբ մը կազմելու այդ իմաստով` աւելցնելով, որ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստն է, որ պէտք է վաւերացնէ այդ յաւելումները:

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի
Մամլոյ Ասուլիս

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ խորհուրդը անշեղ կը մնայ իր պահանջներէն եւ սակարկութիւններ կատարելու միտում չունի:

Ղարիպ զգուշացուց երեսփոխանական պլոքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ կատարուելիք հաւանական որեւէ համաձայնութենէ` մերժելով իրաւատէրերուն հաշուոյն կատարուելիք սենտիքայական որեւէ համախոհութիւն:

«Մենք մեր իրաւունքները կը պահանջենք, առանց մասնավճարի, ինչպէս նաեւ կ՛ուզենք պահպանել մեր մարզին իւրայատկութիւններն ու իրաւունքները», ըսաւ Ղարիպ` վերահաստատելով, որ խորհուրդը կը մերժէ լիբանանցիներուն համեստ դասակարգին վրայ Յաւելուած արժէքի տուրքին համեմատութիւնը բարձրացնել` ֆինանսաւորել կարենալու համար իրենց յաւելումները:

 

Նախորդը

Էշրեֆիէի Մէջ Զոհուած Է Սուրիացի Մը Եւ Վիրաւորուած Են Երեք Ուրիշներ

Յաջորդը

Մամետեարով – Լաւրով Հանդիպումին Ընթացքին Քննարկուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.