Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վաղը Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Մինչ կարգ մը անպաշտօն աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Ժոմպլաթ պիտի խնդրէ Հարիրիէն վերջ տալ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր երկխօսութեան, քուէյթեան «Անպա» օրաթերթը կը գրէ, թէ Ժոմպլաթ Լիբանան պիտի չվերադառնայ, մինչեւ որ Հարիրիի հետ չվերջնականացնէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու ելք մը:


