Ապահովութեան ուժերը երէկ դատարկեցին եւ փակեցին Հարաւային արուարձաններու Ռասուլ Աազամ հիւանդանոցին դիմաց գտնուող պենզինի կայանը` սպառնալիքներու պատճառով:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, ապահովական աղբիւրներ շեշտած են, որ իրենք տակաւին կը հետապնդեն ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն մնացորդացը:
Ապահովութեան ուժերուն փոխանցած տեղեկութիւններուն հիման վրայ յստակացած է, թէ նախորդող օրերուն ամբողջ Լիբանանը ցնցելու համազօր ահաբեկչական արարքներ պիտի գործուէին` Հարաւային արուարձաններուն մէջ երեք հիւանդանոցներ միաժամանակ պայթեցնելով: Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ ահաբեկչական այս արարքները պիտի գործուէին Ապտալլա Ազզամ փաղանգներուն կողմէ:
Միւս կողմէ, ապահովական այլ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ահաբեկչական այս արարքներուն մասին կարելի եղած է բացայայտումներ կատարել լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ապահովական բնոյթի տեղեկութիւններու փոխանակման ընթացքին:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, հետապնդուած են նաեւ երկու ինքնաշարժներ եւ երկու մոթորսիքլեթներ, որոնք հետախուզական աշխատանք կը տանէին շրջանին մէջ:
Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պայթեցուցած կռիւներուն կողքին որոշուած էր նաեւ Հարաւային արուարձաններու մէջ պայթեցնել հիւանդանոցներ:


