
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի ոսկերիչներու եւ գոհարավաճառներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Նայիմ Ռըզքի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան կողմէ վարչապետ Սալամին փոխանցուեցաւ յուշանուէր մը:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ երեսփոխան Զիատ Քատիրի: Քննարկուեցան երկիրը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ անոր կատարած խորհրդակցութիւնները բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած են կառավարութեան աշխատանքային մեքանիզմին որդեգրումին առումով:
Հետեւաբար կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրէ նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 30 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը հասկնան Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանը եւ կառավարութեան աշխատանքին մեքանիզմին կարեւորութեան մասին փոխըմբռնում գոյացնեն:


