
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մեհմեթ Շիմշեքը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շիմշեք նշեց, որ Լիբանան բարեկամ եւ դաշնակից երկիր է, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գործակից մը, «եւ իբրեւ այդպիսին մենք կը շարունակենք գործակցիլ Լիբանանի մէջ ի գործ դրուած ջանքերուն», ըսաւ ան:
Շիմշեք հաստատեց, որ իրենք մեծ կարեւորութիւն կու տան Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող խումբ մը գործարարներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրելու համար մեծ ջանքեր ի գործ պէտք է դրուին, ինչպէս նաեւ բոլորին կողմէ պէտք է փոխադարձ զիջումներ կատարուին, սակայն ըստ երեւոյթին կացութիւնը տակաւին այդքան չէ հասունցած:


